Armenia
This article was added by the user . TheWorldNews is not responsible for the content of the platform.

Ի վերջոյ բան մը պիտի փոխուի՞, Հայաստանին ու հայութեան ի նպաստ շարժում մը ծայր պիտի առնէ՞. «Հայրենիք»

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

«Հայրենիք» . Հայուն կեանքը անգամ մը եւս (հաշիւը կորսուած է) ահաւոր ցնցումի ենթարկուեցաւ Հոկտեմբերի առաջին շաբաթավերջին, երբ ազերիական աղբիւրներ ճակատաբաց ցուցադրեցին Պաքուի իշխանաւորներուն ոճրային մէկ նոր «սխրագործութիւնը»: Մարդիկը առանց այլեւայլի հայուն ու աշխարհին յիշեցուցին, թէ Ատրպէյճան ո՛չ մէկ ձեւով ետ կը մնայ իր «եղբօրմէն»՝ Թուրքիայէն, պետական ոճիրներ կը գործէ եւ վստահ է, որ անպատիժ պիտի մնայ Թուրքիոյ պէս (իսկ դարպասողները շարք բռնած են):

Առաջին անկարկով, կը ստեղծուի այն դրական տպաւորութիւնը, թէ Երեւանի իշխանական վերնախաւին մէջ դրական տեղաշարժ մը տեղի կ’ունենայ դէպի իրատեսութիւն: Թէեւ վերջին շաբաթներուն Ատրպէյճանի դէմ քանիցս դժգոհութեան եւ դատապարտանքի խնդրանքով խօսքեր հնչեցին, սակայն իրական գետնի վրայ դէպքերը շարունակեցին ընթանալ «ամէն գնով խաղաղութիւն կ’ուզենք»ի տրամաբանութեամբ: Հարցը հոն հասաւ, որ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան արձագանգեց իշխանաւորներուն (իր հովանաւորեալներուն) «տրամաբանութեան», յայտարարելով, որ Հայաստանի համար առաջարկուած փաստաթուղթը ստորագրելէ այլ ելք չկայ (անշուշտ չնախընտրեց ըսել, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ հոս հասանք), ով որ ալ ըլլայ իշխանութեան վրայ՝ կրնայ ստիպուած ըլլալ աւելի՛ վատն ալ ստորագրելու:

Նպատակ չունինք այստեղ քննարկելու նման սնանկաբանութիւններ. Երեւանի մէջ պարտուողականութիւնը մերժող բազմաթիւ ձայներ բարձրացան: Այսուամենայնիւ, Կիրակի օր իրարու յաջորդած՝ Ատրպէյճանը քննադատող, միջազգային ընտանիքէն դատապարտում պահանջող ձայները մտածել կու տան, որ իշխանաւորներու աչքը (թերեւս) սկսած է բացուիլ, անոնք ալ հիմա ընդդիմադիրներուն պէս կը տեսնեն, որ խաղաղութեան միակողմանի ցանկութիւնները (չըսելու համար ցնորքները) անվաղորդայն են, երբ դիմացդ ունիս Թուրքիոյ կռթնած Ատրպէյճան մը, որ միայն վերջին քանի մը շաբաթներուն գրեթէ ամէն օր նոր ոճիրներ կը գործէ, մահ, աւեր կը տարածէ, քանի մը դիի եւ պատանդի վերադարձին դիմաց, բազմապատկած է պատանդներու «դրամագլուխը», առանց բառերը ծամծմելու, նոր հող-զիջում կը պահանջէ Հայաստանէն: Իշխանաւորներուն այս յայտարարութիւնները՝ Ատրպէյճանը ոճրագործ անուանելը այլապէս լուռ խոստովանութիւն է, որ խաղաղութիւնը հիմա շա՜տ աւելի հեռու փախչած է, քան այն օրերուն, երբ շինծու պարսաւանքներ կ’արձակուէին ընդդիմադիրներու հասցէին, թէ՝ անոնք պատերազմ պիտի բերեն: Հիմա բոլոր կոյրերը կրնան տեսնել, որ Արցախը տալով՝ խաղաղութիւն չեկաւ, Հայաստանէն ալ պատառիկներ կը խլուին, ազերիական անշպար ոճիրները կը կրկնապատկուին:

Ոճրային կրկնուող արարքները տրամաբանօրէն ենթադրել պիտի տային, թէ Հայաստանի վարիչները իրենց ոտքը գետին պիտի դնեն, վերջ տան անբովանդակ եւ անիմաստ թռիչքներուն, եւ խօսքին պիտի ընկերացնէին գործնական քայլեր:

Ի վերջոյ բան մը պիտի փոխուի՞, Հայաստանին ու հայութեան ի նպաստ գոնէ մանր շարժում մը ծայր պիտի առնէ՞, իշխանաւորներուն եւ զանոնք պաշտողներուն միտքերն ու աչքերը պիտի բացուի՞ն, թէ ապականած գետը նոյն թափով պիտի շարունակէ հոսքը:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: