Armenia
This article was added by the user . TheWorldNews is not responsible for the content of the platform.

«Առօրեայ կեանքի իրական գործնական գործիք մը». Փարիզի Ս. Խաչ տաճարին մէջ ներկայացուեցավ «Կենսագրական բառարանը»

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Ֆրանսայի Կաթողիկէ Հայերու Սուրբ Խաչ միութիւնը Փարիզի rue du Perche-ի իր տաճարին մէջ ներկայացուց «Կենսագրական բառարան. Հայերը երէկ եւ այսօր» հատորը, որուն հեղինակներն են Հրայր Հրաչեան եւ Արա Գրիգորեան:

Հիւրերուն մէջ նկատեցինք ներկայութիւնը տիկին Սոֆի Տեւեճեանի եւ իր որդւոյն՝ Ֆրանսուայի, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան առաջին քարտուղար տիկին Սուսաննա Ադամեանի, Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութենէն տիկին Գոհար Ավագեանի, նախկին քաղաքապետ, երեսփոխան եւ ծերակուտական Ռընէ Ռուքէի, ինչպէս նաեւ հատորին վերջաբանի հեղինակ Միշէլ Մարեանի:

Ցերեկոյթը սկսաւ Ֆրանսայի Հայ կաթոլիկ թեմի ընդհանուր փոխանորդ Հ. Ժոզէֆ եպիսկ. Քելեկեանի ողջոյնի խօսքով:


Անոր յաջորդեց «La Croix» օրաթերթի լրագրող Փիէր-Իվ Լը Փրիոլ: Վերջինս ջերմ ու գունեղ բառերով արտայայտեց իր ուրախութիւնը՝ ի տես Ֆրանսայի մէջ նման կարեւոր գործի մը գոյութեան, որ կը հանդիսանայ առօրեայ կեանքի իրական գործնական գործիք մը:

Հրայր Հրաչեան

Այնուհետեւ համահեղինակ Հրայր Հրաչեան խօսեցաւ այս գործին ծագումին մասին: Ան անդրադարձաւ նաեւ «Բառարան»- ին մէջ ընդգրկուած անուններու ընտրութեան առնչուող դժուարութիւններուն, արեւելեան անուններու տառադարձման հետ կապուած խնդիրներուն եւ ընդգծեց կարեւորութիւնը հատորին մէջ զետեղուած գործնական դասիչին, որ դիւրութիւն կ’ընձեռէ ծանօթանալու՝ առաւելագոյն առարկայականութեամբ խմբագրուած 3200 կենսագրութիւններուն: Այնուհետեւ ան արագ ակնարկ մը նետեց մարդկային բոլոր ոլորտներէ շուրջ քառասուն նշանակալից դէմքերու, որոնք յատուկ ուշադրութեան արժանացած են կամ արժանի են. համառօտ ակնարկ մը գիրքին բովանդակութեան:

Արա Գրիգորեան

Յաջորդած գեղարուեստական բաժինը, զոր ներկայացուց Արա Գրիգորեան, բացառաբար հարուստ էր ու գրաւիչ: Հետեւեալ արուեստագէտները յաջորդաբար ելոյթ ունեցան.-

-Պաս-պարիթոն Առնօ Խաչերեան,-որ վերջինս մրցոյթով ընդունուած է Ֆրանսական ազգային պահակազօրի երգչախումբ,-հրամցուց հայկական երեք երգ. ի շարս որոնց «Հիմի՞ էլ լռենք»-ը: Անոր կ’ ընկերանային ծանօթ դաշնակահար Ֆրետ Մանուկեան եւ թաւջութակով՝ Առնօ Ժանտրէլ:

-Տաւիղահարուհի Իրիս Թորոսեան նուագեց երեք ստեղծագործութիւն, որոնց շարքին Արամ Խաչատրեանի «Գայանէ» պալլէն գեղեցիկ «Օրոր»-ը:

Մեր համայնքին քաջածանօթ Եղսօն, Արայիկի դուդուկին նուագակցութեամբ առինքնեց ներկաները, հայկական ժողովրդական երգերու իր զգայուն եւ այնքան յուզիչ մեկնաբանութեամբ:

-Միջազգային համերգային դաշնակահար Վարդուհի Երիցեան կատարեց Իզաակ Ալպենիզի դաշնակի սոնաթը: Այնուհետեւ ան ընկերակցեցաւ երիտասարդ ջութակահար Դավիթ Յակոբեանին, Մոցարտի ջութակի եւ նուագախմբի համար թիւ 3 գոնչերթոյին:

-Մարինա Յովհաննիսեան փայլուն կերպով արտասանեց Համո Սահեանի եւ Գէորգ Էմինի բանաստեղծութիւններէն:

-Գեղարուեստական բաժինը վերջ գտաւ հաճելի անակնկալով մը. ներկայ արուեստագէտներէն կազմուած քառեակը(դաշնակ, տաւիղ, թաւջութակ եւ դուդուկ) հրամցուց հանրածանօթ «Նուպարին բոյը չինար է »-ն, մեծ խանդաւառութիւն առաջացնելով մեծ թիւով ներկաներուն մօտ:

Ցերեկոյթը իր աւարտին հասաւ ֆրանսահայ կաթոլիկներու առաջնորդ Հ. Եղիա եպիսկ. Եղիայեանի միասնութեան կոչով: «Մեր ժողովուրդին ապրած այս դժուարին պահէն դուրս գալու միակ լուծումն է», – ընդգծեց ան:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ ընդհանուր գոհունակուեան մթնոլորտի մէջ, գիրքի մակագրման աւանդական պահով:

Հրայր ՀՐԱՉԵԱՆ

Նոյ Յառաջ, Փարիզ