Armenia
This article was added by the user . TheWorldNews is not responsible for the content of the platform.

Հակահայ թռուցիկներ՝ Լոս Անճելըսի տարածքին

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

«Ասպարեզ». Շաբաթ առաւօտեան, Պեվըրլի Հիլզի ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ կը հետապնդէ քաղաքին տարածքին եւ անոր մօտակայ շրջաններուն մէջ տեսնուած հակահայ թռուցիկները, որոնք ատելութեամբ լեցուն սպառնական գրութիւններ կը պարունակէին։

Թռուցիկները տարածուած էին այն օրը, երբ ՀԵԴն Արցախի պաշարման դէմ քայլարշաւ-բողոքի ցոյց կազմակերպած էր Ատրպէյճանի հիւպատոսրանին առջեւ։

Թռուցիկներուն վրայ գրուած է հետեւեալը. «Ատրպէյճան, Թուրքիա, Փաքիստան եւ Իսրայէլ 4 եղբայրներ են, որոնք քարտէսէն պիտի ջնջեն Հայաստանը, եթէ Աստուած կամենայ»։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս գծով անմիջապէս կապ հաստատեց տեղական ապահովական մարմիններուն հետ եւ համացանցային արշաւով դատապարտեց ատելութիւն հրահրող նշեալ թռուցիկները, որոնք դատապարտուեցան նաեւ Պեվըրլի Հիլզի քաղաքապետ Լիլ Պասի կողմէ։

«Այս թռուցիկները Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակելու արշաւին մէկ մասնիկը կը հանդիսանան», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Պեվըրլի Հիլզի քաղաքապետին՝ այս արարքին արագօրէն հակադարձելուն համար եւ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ հրէական կազմակերպութիւններ եւս կը դատապարտեն զայն։

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն եւս յայտարարութեամբ մը խստօրէն դատապարտեց հակահայ այս արշաւը։

Յիշեցնենք, որ նման հակահայ յարձակումներ վերջին քանի մը տարիներուն տեղի ունեցան նաեւ Սան Ֆերնանտօ հովիտի Ֆերահեան եւ Մանուկեան վարժարաններուն ու Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Գրուզեան-Զարգարեան-Վասպուրական վարժարանին դէմ։