Armenia
This article was added by the user . TheWorldNews is not responsible for the content of the platform.

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը Արցախի վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ նամակներ է յղել

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

«Եռագոյն» – ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը անցնող երկու օրերուն ընթացքին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան, Լեհաստանի, Շուէտի, Հնդկաստանի, Դանիոյ, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ, Նետերլանտներու, Աւստրիոյ եւ Սպանիոյ դեսպաններուն յղեց Արցախի վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ նամակներ:

Հայ Դատի մարմինը իր նամակին մէջ յայտնեց. «Ազրպէյճանական բռնատիրութեան կողմէ ժողովրդավար Արցախի Հանրապետութեան դէմ յարձակողական արարքներու այս նորագոյն ալիքը կացութիւնը ապակայունացնելու յստակ փորձ մըն է: Ազրպէյճանական վարմունքին անմիջական նպատակներէն մէկը Արցախը Հայաստանէն մեկուսացնելն է»:

«Դժբախտաբար, 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին միջազգային ընտանիքին աչք ծակող լռութենէն ետք, այսօր միայն կը տեսնենք սակաւաթիւ եւ թոյլ յայտարարութիւններ, որոնք կը հետեւին յանցագործն ու անոր զոհը նոյն նժարին վրայ դնող եւ այդպիսով Ազրպէյճանին իր ցեղային մաքրագործման քաղաքականութիւնը շարունակելու կանաչ լոյս տուող յայտարարութիւններ:

«Արցախի ժողովուրդը, անոր իր պապենական հողին վրայ ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը պէտք չէ զոհաբերուի կազի մատակարարումներու բազմազանացման ու անվտանգութեան բագինին վրայ: Ազրպէյճանական փտած վարչակարգը վստահելի գործընկեր մը չէ:

«Ձեր կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` շտապ ու ուժեղ կերպով խօսելու եւ գործելու, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն յայտնելէ անդին երթալու եւ կասեցնելու Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի վտանգաւոր յարձակումը»:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովին յղած իր նամակին մէջ նաեւ նշեց. «Այս յարձակողական վարմունքին անմիջական նպատակներէն մէկը Արցախը Հայաստանէն մեկուսացնելն է, սակայն նաեւ լուրջ վնաս հասցնելը ո՛չ միայն ռուսական խաղաղապահ ուժերու հաւաստիութեան, այլ նաեւ ընդհանրապէս Ռուսիոյ` իբրեւ անվտանգութեան հաւաստի երաշխաւոր»:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը յառաջիկայ օրերուն նոյնպէս Արցախի մէջ վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ նամակներ պիտի յղէ Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած այլ դեսպաններու: