Armenia
This article was added by the user . TheWorldNews is not responsible for the content of the platform.

Կացինահար դիւանագիտութիւն. «Հայրենիք»

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Օգոստոս 2012-էն ի վեր, Հայաստան իր կապերը խզած էր Հունգարիոյ հետ, եւ ահա, տասը տարի ետք, յանկարծ տեղի ունեցաւ ձիւնհալ եւ վերահաստատուեցան դիւանագիտական կապերը:

Երեւանն էր կապերը խզողը, եւ անշուշտ՝ վերստին ձեռք երկարողը: Աժան քարոզչութի՞ւն պիտի ըլլայ, եթէ ականջ տանք մաշող ձայնապնակին եւ նշենք, թէ «խաւարամիտ հիներ»-ը խզեցին, «լուսամիտ եւ թաւշակերտ նորեր»-ը վերահաստատեցին: Անշուշտ «նորեր»-ուն արդէն իսկ հնամաշ դարձած ըլլալուն մասին խօսիլն ու անոնց անտեղի քարկոծումը անտեղի եւ անիմաստ է:

Հոս սակայն տարբեր է կացութիւնը: 18 տարի առաջ, Պուտափէշթի մէջ անմեղ հայ սպայի մը արեան հեղումին մասին պէտք է դա՛րձեալ մելան հոսեցնել եւ յուշակորոյսներուն համար մանրամասնել: Տարակոյս չկայ, որ դարձեալ սուգի մէջ է Հունգարիոյ մայրաքաղաքին մէջ, ՆԱԹՕ-ի մէկ գիտաժողովին մասնակցելու օրերուն, 2004-ին, գիշերուան ընթացքին, քնացած պահուն, ազերի դաւադիր Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ կացինահար սպաննուած եւ այժմ Եռաբլուրի մէջ հանգչող Գուրգէն Մարգարեանը: Անոր վշտակից են հոն հանգչող հազարաւոր անմահ երիտասարդները, անոնց ծնողները, հարազատները, ազերիին ոճիրը մոռնալ մերժողները, ամբո՛ղջ հայ ժողովուրդը, որմէ ինքզինք փաստացիօրէն անջատած է Երեւանի իշխանութիւնը:

Կրկնենք. սուգի մէջ է թախիծ, ողբ ու վիշտ սփռող Եռաբլուրը: Որքա՞ն նախատինք եւ անարգանք՝ մեր ազգի ճակատին:

Վարշաւայի մէջ, իր հունգարացի պաշտօնակիցին հետ հանդիպման մը ընթացքին դիւանագիտական կապերու վերահաստատումը կատարելով, Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան փրոթոքոլային խարանատիպ «աստղ» մը եւս պիտի ստանայ՝ սխրանք մը կատարած ըլլալուն պատճառաւ:

Այսպիսի շուտիկ ընթացք կը կացինահարէ Հ.Հ. դիւանագիտութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Գուրգէն Մարգարեանի եւ անոր կողքին հանգչող հերոսներու տապանաքարերը: Դիւանագիտութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան փրոթոքոլը տարբեր պայմաններ կը պարտադրէ, որոնք շտապ վերակառուցման կարիքն ունին: Տակաւին, սա նորագոյն վկայութիւնն է, որ Երեւանի իշխանաւորները հաւատարիմ են ժողովուրդի կռնակէ՛ն, ժողովուրդին ու հայրենիքին շահերուն դէմ ԳԱՂՏՆՕՐԷՆ համաձայնութիւններ հետապնդելու չնաշխարհիկ «դիւանագիտութեան», որովհետեւ ահաւասիկ, 9 Նոյեմբերի աղէտալի համաձայնութենէն աւելի քան երկու տարի ետք, նոյն վարքագիծը ի յայտ կու գայ թէ՛ Վարշաւայի մէջ եւ թէ Արցախը վերջնականապէս Ատրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելու Փաշինեանի համաձայնութեան ճամբով, որուն մասին բացայայտում կատարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը՝ գրեթէ նոյն ժամերուն:

Կրկնուող ահազանգերուն դիմաց, համաժողովրդային զարթնումը կ’ուշանայ…:

Խմբագրական
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: