Armenia
This article was added by the user . TheWorldNews is not responsible for the content of the platform.

Կը ջանայ տապալե՞լ սահմանադրական կարգը, կը փորձէ տկարացնե՞լ ՀՀ պաշտպական համակարգը. թէ որու համար անբաղձալի տարր է, յստակ չէ. «Հայրենիք»

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Քաղաքական հետապնդման մը բոլոր բաղադրիչները ունեցող այս արգելքը ցուցանիշ է Երեւանի իշխանութիւններուն անհանդուրժողականութեան, որ կը ցուցաբերուի ու կը դրսեւորուի յատկապէս սփիւռքեան պայմաններու մէջ գործող դաշնակցականներու նկատմամբ եւ անհասկնալի պատճառաբանութիւններու ներկայացմամբ, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ կազմակերպուած ցոյցի մասնակցած են։ Մուրատ Փափազեանի, Մասիս եւ Սիւնէ Աբրահամեաններու դէմ յարուցուած արգելքին պատճառաբանութիւնը ինքնին խօսքի եւ անձի ազատութեան բացայայտ ոտնակոխում է, որովհետեւ ոեւէ անձ իրաւունք ունի որեւէ բնոյթի ցոյցի մասնակցելու եւ այս մասնակցութիւնը չի կրնար տեղաւորուիլ ծիրին մէջ «օտարահպատակներու մասին այն օրէնքին, ըստ որուն ոեւէ օտարահպատակի Հայաստան մուտքը կ՛արգիլուի, եթէ տուեալ ենթական կը ծաւալէ այնպիսի գործունէութիւն, կամ անդամ է այնպիսի կազմակերպութեան, որուն նպատակն է վնաս հասցնել Հայաստանի պետութեան ապահովութեան, տապալել երկրին սահմանադրական կարգը եւ տկարացնել պաշպանական համակարգը, ինչպէս նաեւ՝ ունենալ ահաբեկչական գործունէութիւն»։ Հոս անմիջապէս պէտք է շեշտել, որ Գարագաւորեանի պարագային նոյնիսկ այս շինծու զուգակցութիւնն իսկ չկայ, որովհետեւ ոչ մէկ բացատրութիւն եւ լուսաբանութիւն տրուած է Գարագաւորեանի, թէ ինչու Հայաստան անոր մուտքը արգիլուած է։ Ան պարզապէս անբաղձալի տարր է։ Թէ որու համար Նժդեհ Գարագաւորեան անբաղձալի տարր է, յստակ չէ։ Սակայն կ՛ենթադրուի, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսա այցելութեան կապուած իրադարձութիւններու կ՛առնչուի Գարագաւորեանի դէմ դրուած արգելքը։

Սակայն խնդիրը հետեւեալն է։ Ինչպիսի ապացոյցներու վրայ հիմնուած է Գարագաւորեանի Հայաստան մուտքի արգելքի կայացման որոշումը՝ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան կողմէ։ Հ.Յ.Դ. «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը վնա՞ս կը հասցնէ Հայաստանի պետութեան ապահովութեան, թէ կը ջանայ տապալել սահմանադրական կարգը, կամ կը փորձէ տկարացնել Հայաստանի պաշտպական համակարգը։ Թէ՞ Սիւնիքի մէջ կայանալիք Հ.Յ.Դ. երիտասարդական համագումարը, որուն մասնակցելու համար Գարագաւորեան Հայաստան պիտի ճամբորդէր, ահաբեկչական համախմբում մըն է Երեւանի իշխանութիւններուն համար։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: