Armenia
This article was added by the user . TheWorldNews is not responsible for the content of the platform.

Ծայրայեղական նման կեցուածքի մը յանդիման, Հայաստան տակաւին կը շարունակէ իր խաղաղասիրական ընթացքը, կուլ տալով յաջորդական վիրաւորանքները. «Հայրենիք»

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

2 դեկտեմբեր 2022-ին Հայաստանի Ազգային ժողովը գումարեց արտահերթ նիստ մը: Արտահերթ նիստը հրաւիրուած էր Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան կողմէ, քննելու ու հաստատելու համար խմբակցութեան կողմէ առաջարկուող յայտարարութիւն մը, որ կը պատասխանէր Ատրպէյճանի խորհրդարանի վերջերս տարածած յայտարարութեան, որ արցախեան տագնապին ու Հայաստանի հետ դիմառնութեան վերաբերեալ կը պարունակէր խեղաթիւրումներ եւ սխալ վերագրումներ:

«Հայաստան» խմբակցութիւնը տրամադիր էր յայտարարութիւնը ի հարկին փոփոխութեան ենթարկելու, եթէ ըլլային առաջարկներ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան կողմէ, որպէսզի յայտարարութիւնը միաձայնութեամբ որդեգրուի Ազգային ժողովին կողմէ:

Յայտարարութեան նախագիծը յանձնուեցաւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան, որ քննելէ ետք զայն, վերադարձուց սրբագրութիւններով: Որո՞նք էին կատարուած սրբագրութիւնները: Արցախի Հանրապետութիւն եզրը փոխարինուած էր Ղարաբաղի հայութեամբ, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը` Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներով, իսկ Արցախի անվտանգութեան Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութիւնը` ջնջուած: «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը կը գտնէր, որ, թէեւ յայտարարութեան բազմաթիւ կէտեր ընդունելի էին, սակայն իրենց կողմէ սրբագրուած կէտերը կը պարունակէին «ռիսկեր», որոնք կրնային խանգարել բանակցութիւններու ընթացքը: Կը հետեւի, որ Հայաստան կը մասնակցի բանակցութիւններուն առանց իր կողմէ յստակ պահանջի: Յայտարարութիւնը ի վերջոյ չընդունուեցաւ:

Նախորդ նման յայտարարութեան մը առիթով, «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը չէր մասնակցած ընդդիմութեան հրաւիրած արտակարգ նիստին, խափանելով նիստին կայացումը` մեծամասնութեան չգոյութեան պատճառով: Այս անգամ իշխող ուժի պատգամաւորները մասնակցեցան նիստին, քննարկեցին յայտարարութիւնը, վիճեցան, այսինքն` երկխօսութիւնը թէեւ ձախողած, կայացաւ: Անոնք չյանդգնեցան դէմ քուէարկել յայտարարութեան, այլ խափանեցին անոր ընդունումը` չմասնակցելով քուէարկութեան: Սա թերեւս յառաջդիմութիւն կարելի է համարել, համեստ ու մասնակի յաղթանակ մը ընդդիմութեան համար:

Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւնները, որոնք մինչեւ տարեվերջ պիտի յանգէին համաձայնագիրի ստորագրութեան, արգելակներ կը դիմագրաւեն: Ատրպէյճան կը բազմացնէ ռազմաշունչ ու առաւելապաշտական յայտարարութիւնները, կը սպառնայ ու ընդհատ կրակելով, սպառնալիքին իրական ըլլալը կը հաստատէ: Ալիեւ քաղաքական պատշաճութեան սահմաններն իսկ չի յարգեր` Հայաստանի մասին արտայայտուելով արհամարհական եզրերով: Ծայրայեղական նման կեցուածքի մը յանդիման, Հայաստան տակաւին կը շարունակէ իր խաղաղասիրական ընթացքը, կուլ տալով յաջորդական վիրաւորանքները:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: